Ազրպէյճանի Խորհրդայնացում
Ազրպէյճանի Խորհրդայնացում | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|
Ծուսիոյ քաղաքացիական պատերազմ | |||||||
| |||||||
| |||||||
Հակառակորդներ | |||||||
ՌԽԴՍՀ, Ազրպէյճանի համայնավարներ |
Ազրպէյճան, Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն | ||||||
Հրամանատարներ | |||||||
ՌԽԴՍՀ, Միքայէլ Լեւանտովսկի Միքայէլ Եֆրեմով Ճինկիզ Իլտրիմ |
Ազրպէյճան, Սամէտ բեկ-Մահմետարով |
Պաքուի գործողութիւն, նաեւ կոչուած է Ապրիլեան Յեղափոխութիւն[1] (ազրպ.՝ آ ﭘﺭﻳﻞ ﺍﻧﻘﻼﺑﯽ), կամ Ազրպէյճանի Գրաւում[2], Պաքուի մէջ ապստամբած ազրպէյճանցի պոլշեւիկներուն հետ համագործակցելով, Վոլքա-Կասպեան ռազմական նաւատորմի Ազրպէյճանի Ռամկավարական Հանրապետութեան կառավարութեան տապալման եւ երկրին մէջ խորհրդային իշխանութիւն հաստատելու նպատակով կատարուած հակայարձակում մըն է:
1919-1920 թուականներու ընթացքին Ազրպէյճան քաղաքական խոր եւ ընկերվարական-տնտեսական ճգնաժամ կ'ապրէր: Գաւառներուն մէջ քաղաքական եւ ընկերվարական տարբեր խմբաւորումներուն միջեւ տղեի զինուած հակամարտութիւններ տեղի կ'ունենային}: Միաժամանակ, 1918-ին խորհդային իշխանութեան տապալումէն ետք, Ազրպէյճանի ընկերվարական տարբեր կուսակցութիւնները եւ կազմակերպութիւնները աշխուժօրէն կը գործէին: Քաղաքական սեփական նպատակներուն հասնելու համար, Փետրուար 1920-ին անոնք կը միաւորուին ու կը հիմնեն Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութիւնը (պոլշեւիկներ)՝ ԱԿԿ(բ)-ն:
11 Ապրիլ 1920-ին Կարմիր բանակի զօրամիաւորումները, հիւսիսային Կովկասի մէջ կը ջարդեն Կամաւորական բանակը, եւ Ազրպէյճանի սահմանը կը մօտենան: Ազրպէյճանի պոլշեւիկները այդ ընթացքին, 26 Ապրիլի լոյս 27-ի գիշերը, զինուած ապստամբութեան կը պատրաստուէին: Պաքուի ապստամբութեան զուգահեռ, խորհրդային զրահագնացնքներու խումբ մը Ազրպէյճանի սահմանը կ'անցնէր եւ շատ յաջող արշաւ կը մղէ:
Մայրաքաղաքի կարեւրագոյն մարմինները վերահսկողութեան տակ կը վերցուին, պոլշեւիկները Ազրպէյճանի կառավարութիւնը եւ խորհրդարանին իշխանութիւնը փոխանցելու վերջնագիր կը ներկայացնեն: Խորհրդարանը իր արտահերթ նիստի ընթացքին կ՛ընդունէ այդ վերջնագիրը եւ պոլշեւիկներու կողմէն ձեւաւորուած Ազրպէյճանի ժամանակաւոր ռազմայեղափոխական կոմիտէին իշխանութիւն կը փոխանցէ: Երկիրի տարածքը ներխուժած Կարմիր բանակի 11-րդ զորամիաւորները եւ նոր իշխանութիւնը, կարճ ժամանակի ընթացքին վերահսկողութեան տակ կ'առնեն Ազրպէյճանի այլ տարածքները: Այդ իրադարձութիւններէն ետք Ազրպէյճանական Ռամկավարական Հանրապետութիւնը կը տապալի, համայնավարական կուսակցութեան առաջնորդութեամբ խորհրդային իշխանութիւնը կը հաստատուի եւ Ազրպէյճանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւնը կը հռչակուի:
Ձախ շարժումը եւ Ազրպէյճանը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընկերվարականներու գործունէութիւնը՝ խորհրդային իշխանութեան տապալումէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուլիս 1918-ին Պաքուի խորհրդային իշխանութիւնը կը տապալուի, իսկ քաղաքը Ազրպէյճանական Ռամկավարական Հանրապետութեան մայրաքաղաքը կը դառնայ: Սակայն, միւս կողմէն, պոլշեւիկներու ընդիմադիր ընկերվարական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւնները կը գործէին: Սկիզբը անոնք շատ ուժասպառ էին: Միայն Օգոստոս-սեպտեմբեր 1918-ին Պաքուի նուաճումի ժամանակ կը սպաննուի «Ատալյաթի» շուրջ 100 անդամ, 95-ը կը բանտարկուի, իսկ ողջ մնացածները եւ ձերբակալութենէն խուսափածները անօրինական դրութեան կ'անցնին[3]: Խորհրդային իշխանութեան տապալումէն ետք «Գումմէթ» կազմակերպութիւնը բոլորովին կը ջախջախուի, եւ միայն 1918-ի երկրորդ կեսէն ետք կը յաչողի վերականգնիլ[4]:
Ի տարբերութիւն «Գումմէթի» պոլշեւիկեան բաժինին, անոր մենշեւիկեան ուղղութիւնը Ազրպէյճանի անկախութեան հռչակման կը մասնակցի եւ Ազրպէյճանի ազգային խորհուրդի սեփական խմբակցութիւնը կը կազմէ[5]: Իր աշխատանքը Դեկտեմբեր 1918-ին սկսած էր Ազրպէյճանի առաջին խորհրդարանին մէջ եւ մենշեւիկեան բաժինի ներկայացուցիչներ Սամէտ Աղա Աղամալը օղլուն, Ալիհեյտար Կարաեւը, Ահմէտ-բեկ Փեպինովը, Կ. Ճամալպեկովը, Իպրահիմ Ապիլովը, Ակպեր-աղա Շեյխուլիսլամովը Ընկերվարական խմբակցութեան անդամ կը դառնան[5]: Խորհրդարանի գործունէութեան մէջ զգալի ներդրում կը կատարեն պատգամաւորներ Սամէտ Աղա Աղամալը օղլուն եւ Ալիհեյտար Կարաեւը[6]: Մենշեւիկեան «Գումմէթի» որոշ ներկայացուցիչներ, 1920-ին պոլեւիկներուն կը միանան եւ երկրին մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատման աշխոյժ կողմնակիցներ կը դառնան[5]:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]12 Փետրուար 1920-ին, Պաքուի մէջ, համայնավարական կազմակերպութիւններու առաջին համագումարի ընթացքին, Ազրպէյճանի համայնավարական (պոլշեւիկներու) կուսակցութիւնը կը հիմնադրուի։ 28 Ապրիլ 1920-ին Ազրպէյճանի աշխատաւորները կարմիր բանակի 11-րդ խումբի օգնութեամբ կը տապալեն մուսավատական կառավարութիւնը եւ խորհրդային իշխանութիւնը կը հաստատեն։
Մայիս 1921-ի խորհուրդներու առաջին համագումարը հանրապետութեան առաջին սահմանադրութիւնը կ՛ընդունէ։
Ազրպէյճանի խորհրդայնացումէն ետք անոր կառավարութիւնը եւ Ռուսիոյ Կարմիր բանակի 11-րդ հրամանատարութիւնը վերջնագիր կը դնեն Հայաստանի Հանրապետութեան։
Այս արարքէն ետք թուրք-թաթար-պոլշեւիկ զինուժը կը ներխուժէ Ղարաբաղ, Զանգեզուր եւ Նախիջեւան։ Կարմիր բանակի օգնութեամբ Ազրպէյճան կ՛ըսկսի տիրութիւնը ընել Լեռնային Ղարաբաղի վրայ։ 29 Նոյեմբերին Հայաստան կը խորհրդայնանայ, իսկ 2 Դեկտեմբերին Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս վար կը դնէ իր լիազօրութիւնները։
Ազրպէյճանի ժողովուրդի կոմիսար նախագահ Նարիման Նարիմանով շնորհաւորանք կը ղրկէ Հայաստան՝ յայտնելով, որ այլեւս որեւէ տարածքային խնդիր չունի, եւ Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը որպէս Խորհրդային Հայաստանի անբաժան մաս կը ճանչնայ:
1921-ին Թիֆլիսի մէջ կայացած հանձնաժողովի նիստի ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Բեկզատեան Խորհրդային Հայաստանին կ'առաջարկէ տարածքային զիջումներ կատարել. Ըստ այս զիջումներուն Հայաստանին պիտի միացուէր հայկական հոծ զանգուածներով բնակեցուած շրջանները՝ Ախալքալաքը, Լոռին, Լեռնային Ղարաբաղը եւ այլն։ Վրաստան եւ Ազրպէյճան դէմ կ՛ելլեն այս փոփոխութիւններուն։
Անոնց կը պաշտպանէր հանձնաժողովի նախագահ Սերգէյ Գիրովը։ Վրաց-ազրպէյճան վիճելի հարցերուն մէջ համաձայնութիւն չի կայանար։ Հայաստանի ներկայացուցիչի առաջարկով հարցը ՌԿԿ Կովկասյան պիւրօ կը փոխադրուի։ Լեռնահայաստանի կառավարութեան անկումէն ետք Զանգեզուրը մայր Հայաստանին կը վերամիաւորուի։ Այլ ընթացք ու վախճան կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը։ Հայաստանի կառավարութիւնը 12 Յունիս 1921-ին որոշում մը կ՛ընդունէ ըստ որուն Լեռնային Ղարաբաղը Հայկական ԽՍՀ-ի անբաժան մասը կը դառնայ։
Գէորգի Օրճոնիկիձէ եւ Սերկէյ Գիրով Ազրպէյճանի Հեղկոմի նախագահ Նարիման Նարիմանովին խորհուրդ կու տային, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ցեղախօսական սկզբունքներով լուծէ, այսինքն Ղարաբաղի հայկական գիւղերէն ոչ մէկը Ազրպէյճանին չմիացուի, եւ հակառակը, ոչ մէկ ազրպէյճանական գիւղ Հայաստանին չմիացուի։ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը ճիշտ չէր համարեր ցեղային սկզբունքներով կատարուած սահմանաբաժանումը։
Այնուհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Կովկասեան պիւրօ կը փոխադրուի՝ Թիֆլիս, եւ 4 Յուլիսի նիստի ընթացքին որոշում կ՛ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի կազմին մէջ մտցնել։ Անոր դէմ բողոք կը ներկայացնէ Նարիմանովը, որմէ ետք հարցի լուծումը ՌԿ(բ) կ Կենտկոմ (Մոսկուա) պիտի փոխադրուէր։ Սակայն յաջորդ օրը՝ 5 Յուլիսին, այդ որոշումը կը վերանայուի՝ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի սահմաններու տարածքին կը մնայ։ Այս մէկը կապ ունէր Ազրպէյճանի հետ անոր ունեցած տնտեսական կապերով։ Լեռնային Ղարաբաղը ինքնավար մարզ պիտի դառնար՝ Շուշի կեդրոնով։ Որոշման այսպիսի շրջադարձային փոփոխութեան Իոսիֆ Սթալին կը միջամտէ։
Հայաստանի կառավարութիւնը Նախիջեւանի գաւառէն երկու անգամ կը հրաժարուի՝ Ալեքսանդրապոլի (1920) եւ Կարսի պայմանագիրէն (1921)։ 1925-ին, հայերու բարձր քանակը նկատի առնելով, այնտեղ նոյնպէս ինքնավարութիւն կը հիմնուի՝ Նախիջեւանի ԻԽՍՀ՝ Նախիջեւանի կեդրոնը։ ԼՂԻՄ-ը 1923-ին հիմնադրուած է իբրեւ կեդրոն ունենալով Շուշին, ապա՝ Ստեփանակերտը։
12 Մարտ 1922-ին Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ միութիւն կազմելու պայմանագիր կը կնքուի։ Միութիւնը 13 Դեկտեմբեր 1922-ին Անդրկովկասեան Դաշնակիցներու կը վերածուի, որ 30 դեկտեմբերին ԽՍՀՄ կազմին մէջ կը մտնէ։
Դաշնակիցներու վերացումէն ետք, 5 Դեկտեմբեր 1936-ին, Ազրպէյճան միութենական հանրապետութիւն կը դառնայ։ 14 Մարտ 1937-ին հանրապետութեան նոր սահմանադրութիւնը կ՛ընդունուի։
Ընկերվարական շինարարութեան տարիներուն Ազրպէյճան առաջնակարգ արդիւնաբերութեան երկիր կը դառնայ։ Շարք կը մտնեն նոր եւ հարուստ նաւթահանքեր։ Նաւթարդիւնաբերութիւնը կը մեքենայուի եւ կ՛ելեկտրականացուի։ 1931-ին Ազրպէյճանի նաւթարդիւնաբերութիւնը Լենինին շքանշանով մը կը պարգեւատրէ (այդ ժամանակ ան ԽՍՀՄ-ի ամբողջ նաւթի 60% կու տար)։ Գիւղատնտեսութիւնը կը զարգանայ։
Հայրենական մեծ պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանէն հազարաւոր ֆաշիստ քաղաքացիներ Գերմանիոյ դէմ մարտի կ՛ելլեն։ Անոնցմէ 114 հոգի Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման կ'արժանանան, որոնցմէ աւելի քան 40-ը ազրպէյճանցիներ են։ Աշխատաւորներու միջոցներով ջրային աղիւսակներ եւ սաւառնագիտութիւն խումբեր կը ստեղծուին։
Մարդիկ մեծ եռանդով ռազմաճակատը պահելու համար կ'աշխատէին՝ ռազմամթերք եւ սնունդ ապահովելու համար։ Յետպատերազմեան տարիներուն Ազրպէյճանի տնտեսութեան ու մշակոյթի նոր վերելքը կը սկսի։ Մինգեչաուրի իշխանութիւնը (1954) շարք կը մտնէ, Սումկայիթ, Մինգեչաուր եւ Տաշքեսան արդիւնաբերական կեդրոնները կը ստեղծուին։ Պաքու-Թիֆլիս-Երեւան նաւթամուղը կը կառուցուի։
Տնտեսութեան ու մշակոյթի յաջողութիւններուն համար՝ Ա. երկու անգամ (15 Մարտ 1935, 19 Մայիսի 1964) Լենինի շքանշանով կը պարգեւատրուի, իսկ Ազրպէյճանական Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի համայնավարական կուսակցութեան յիսնամեակի առիթով՝ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան շքանշանով։
Ազրպէյճանական ԽՍՀ-ն 28 Ապրիլ 1920-ին կը կազմաւորուի: 12 Մարտ 1922-էն մինչեւ 5 Դեկտեմբեր 1936 Անդրկովկասի Խորհրդային Ընկերվարական Դաշնակից Հանրապետութեան (ԱԽՖՍՀ) մէջ կը մտնէ, իսկ 5 Դեկտեմբեր 1936-ին անմիջապէս ԽՍՀՄ կազմին կ'անդամակցի։
Իրադարձութիւններու գնահատում եւ բնոյթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1920-ական թուականներուն Ազրպէյճանի մէջ լոյս տեսնող գրականութիւնը նկարագրուող իրադարձութիւնները որպէս «Ապրիլեան յեղափոխութիւն» կ'անուանէր[7][8][9][10]: Ազրպէյճանի մէջ այդ անուանումը 28 Ապրիլ 1920—ին կը նշուէր: Մայիս 1935-ին ԱԿԿ(բ) Կեդկոմի համաժողովի բանաձեւը կ՛ընդունուի, որ հետեւեալն է՝ «Ազրպէյճանի մէջ Ապրիլեան յեղափոխութեան 15-ամեակին պատրաստուելու համար»[1]: 1937-1938 թուականներուն բռնաճնշումներէն ետք «Ապրիլեան յեղափոխութիւն» հասկացութիւնը կ'անհետանայ կուսակցական եւ խորհրդային փաստաթուղթերու մէջէն, ինչպէս նաեւ պարբերաբար տպագիր հրատարակութիւններէն ալ կ'անհետանայ[1]:
Ամերիկացի պատմաբան Ֆիրուզ Գազեմզատէի կարծիքով Կարմիր Բանակի 11-րդ Խումբը մտած է Ազրպէյճան մինչեւ այն պահը, երբ իրեն պաշտօնապէս օգնութեան կը դիմեն, իսկ Պաքուի պոլշեւիկներու գործողութիւնները կազմակերուած է Կարմիր բանակի 11-րդ խումբին հետ, եւ այս մէկը կը վկայէ այն մասին, որ «Մուսավատի» կառավարութեան տապալումը տեղի ունեցած է «վերակենդանացուած Ռուսաստանի ուժի շնորհիւ»[11]: Իսկ Ատրհեղկոշի Մոսկուա ուղարկուող հեռագիրներու նպատակն էր: Ան կը կարծէր, որ «Մուսավաթի» «ազգայնական ձգողութիւնը այնքան ուժեղ եղած է, որ ոչ մէկ ուժ Ազրպէյճանի մէջ անոր չէր կրնար ընդդիմանալ: Միայն արտաքին ուժը կրնար սրբել կուսակցութեան տեղը»[12]:
Չարլզ Ուորրէն Հոսթլերը[12], Մայքլ Սմիթը[13], Եորկ Պապերովսկին[2] Կարմիր բանակի 11-րդ գործողութիւնները «տիրացում» կ'անուանեն: Ս.Ա. Ուիմպուշը կը գրէր, որ ազրպէյճանական պետութիւնը ուժով նուաճած էր Կարմիր բանակի կողմէն[14]. Ըստ ռուս հեղինակ Ալեքսանդր Շիրոկորատի, «խորհրդային զօրքերու Ազրպէյճան ներխուժումը պոլշեւիկեան ճշկրիտ յատակագիծի վրայ իրականացուած է՝ բանւորականութեան իրական կամ «էական» ապստամբութիւն կը նախաձեռնէ եւ նոյն ժամանակ օգնութեան խնդրանքով կը դիմէ Կարմիր բանակին: Այդ ծրագրով կը գործեն աւելի քան 50 տարի՝ 1956-ի ներխուժումը Հունգարիա, 1968-ին՝ Չեխոսլովակիա եւ այլն:»[15]
Խորհրդային Ռուսիոյ «ռազմական միջամտութեան» տեսակէտը, խորհրդային հեղինակները կը պնդէին, որ խորհրդային իշխանութիւնը Անդրկովկասի երեք հանրապետութիւններուն մէջ տեղական տարրերը կը հաստատէին, իսկ ՌԽՖՍՀ զինուած կազմաւորումներու խնդիրի մէջ կը մտնէր «եղբայրական ռուս ժողովուրդի միջազգային օգնութեան տրամադրումը՝ ընկերվարական եւ ազգային ազատումը, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի աշխատաւորներու անկախութեան պայքարը Անթանթայի կայսերականներու եւ Թուրքիոյ միջամտութենէն վտանգազերծելու ցանկութիւնը»[16]: Խորհրդային ազրպէյճանի պատմաբան Ճամիլ Ղուլիեւը կը կարծէր, որ «խորհրդային իշխանութիւնը ազրպէյճանական ժողովուրդի դուրսի «արտաքին ուժերու» կողմէն չէր փաթթուած, ինչպէս քաղքենի պատմաբանները կը պնդէին, այլ յաղթած է ազրպէյճանական ժողովուրդի ընկերվարական հասունցած ուժերու յեղափոխական պայքարի շնորհիւ»[12]:
Գերմանացի պատմաբան Եորգ Պապերովսկի կը կարծէր, որ գիւղական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած հակամարտութիւնները, որոնք խորհրդային պատմաբաններու կողմէն որպէս հողատէրերու եւ գիւղացիներու միջեւ հակամարտութիւններ կը դիտարկուէին, որպէս գիւղացիական յեղափոխական շարժման արտայայտում:[17]:
Լեհ պատմաբան Դատէուշ Սվենթոխովսկիի կարծիքով, մուսաթավական կառավարութիւնը կը տապալուի ոչ թէ ժողովուրդի լայն զագնուածներու կողմէ աջակցութեան բացակայութեան պատճառով, այլ այն պատճառով, որ «լայն զանգուածները կը շարունակէին ումմայի գիտակցութեան մակարդակի վրայ մնալ»՝ անտարբերութիւն ցուցաբերելով տեղական կամ օտարերկրեայ իշխանութեան հանդէպ: Ամերիկացի հետազօտող Մայքլ Սմիթը, ազրպէյճանի ազգային գիտակցութիւնը վերլուծելէ ետք, կը մատնանշէ, որ ժողովուրդի կրօնական զգացմունքը չեն աճած եւ իսկական ազգայնականութիւն չէ դարձած, աւելցնելով, որ. «ԱԴՀ-ն ժողովրդի շիայական գիտակցութեան մէջ ժամանակներու աւարտի երկրային եւ պատմութեան աւարտի մարմնաւորում չէ դարձած, որովհետեւ այդ գիտակցութեան վրայ կը ճնշէին տնտեսական քայքայումը, զանգուածային գործազրկութիւնը, սնունդի պակասը եւ համաճարակները»[18]:
Սվենթոխովսկին նաեւ կարծիք կը յայտնէ, որ, «ազրպէյճանի ազգային պետութեան գաղափարը խոր արմատներ չ՛արձակեր բնակչութեան տարբեր շերտերուն մէջ, այդ շերտերը կամ «ազգայնականութիւն» եզրը չեն հասկցած, կամ ալ իրենց համար հայհոյանքի կամ նախատական խօսքերու համահունչ եղած է: Այդ իրավիճակէն հմտօրէն օգտուած են համայնավարները` Ազրպէյճանի Ռամկավարական Հանրապետութեան դէմ քարոզչութիւն վարելով: Այսպիսով կարելի է բացատրել, թէ ինչու հանրապետութեան տապալումը այդպէս դիւրին անցաւ»:
26 Ապրիլ 1991-ին Պաքուի կուսակցական բարձրագոյն դպրոցին մէջ գիտատեսաբանական համաժողով մը կը կայանայ, որուն խորագիրն էր՝ «Ազրպէյճանի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատում. ազգային պետականութեան եւ ընկերվարական առաջընթացի տրամաբանութիւն», եւ որուն առաքելութիւնն կ՛ըլլայ սկիզբ դնել 28 Ապրիլի օրուայ գիտական նոր տեսլականին: Փիլիսոփայ, ակադեմիոյ անդամ Աֆրանտ Տաշտամիրովի կարծիքով. 28 Ապրիլն ու 28 Մայիսը, այն ժամանակուան քաղաքական ուժերու դիմակայութիւնը, ժողովուրդի պատմական յիշողութեան մէջ իրարու հակառակ քաղաքական համակարգեր եւ արժէքներ կը համարուին: Սակայն ըստ ազրպէյճանի ընթացիկ սերունդին՝ այդ ամսաթիւերը այլ բաներ կը խորհրդանշեն՝ փուլեր, իրարմէ շատ տարբեր, բայց ազրպէյճանի ազգային պետականութեան վերածնունդի, զարգացման եւ ամրապնդման միասնական պատմական գործընթացի, ազրպէյճանական ազգի համախմբում եւ զարգացում::
Պատմաբան Ճ. Ղուլիեւ 18 Մայիս 1918-ի եւ 28 Ապրիլ 1920-ի իրադարձութիւնները որպէս միասնական գործընթացի մաս կը համարէ, ընդունելով այն միտքը, որ Ազրպէյճանի ռամկավարական Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանական Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութեան ստեղծման նախադրեալները պատրաստած էր: Ուրիշ պատմաբան մը, ակադեմիոյ անդամ, Ալի Սումպատզատէն կ՛ընդգծէ, որ գերիշխանութեան եւ պետականութեան գաղափարները ԱԴՀ ժամանակաշրջանին սկսած էին իրականացուիլ եւ ամրապնդուիլ, իսկ իրենց զարգացումը խորհրդային ժամանակաշրջանին սկսած էր ծաղկիլ, այդ իսկ պատճառով 28 Մայիսն ու 28 Ապրիլը ազրպէյճանական ժողովուրդի պատմութեան մէջ արժանապատիւ տեղեր պէտք է գրաւեն:
18 Հոկտեմբեր 1991-ին կ՛ընդունուի Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական անկախութեան վերականգնումը, եւ Ապրիլ 1920-ին սահմանադրական որուշումին մէջ իրադարձութիւնները որպէս «գրաւում» կը բնութագրուին. «27-28 Ապրիլ 1920-ին ՌԽՍՖՀ-ին կոպտօրէն ոտնահարելով միջազգային իրաւական կանոնները, առանց պատերազմ յայտարարելու զինուած ուժերու զօրամիաւորումները Ազրբէյճան կը մտցնէ, եւ իշխանական Ազրպէյճանական Հանրապետութեան տարածքը կը գրաւէ, բռնութեամբ կը տապալէ օրէնքով ընտրուած իշխանութեան մարմինները եւ վերջ կը դնէ ազրպէյճանական անկախութեան՝ որ ձեռք բերուած էր ահռելի զոհերու գնով»[19]:
Տես նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Shirokorad Aleksandr B. (2006)։ Великая речная война, 1918–1920 годы։ էջ 416։ ISBN 5-9533-1465-5
- Kazemzadeh Firuz (1950)։ The Struggle for Transcaucasia (1917-1921)։ Anglo-Caspian Press Ltd։ էջ 360։ ISBN 978-0-9560004-0-8
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 Quliyev C., Tarix: düşüncələr, mülahizələr, qeydlər... (1953-2003), Bakı։
- ↑ 2,0 2,1 Եորկ Պապերովսկի, Враг есть везде. Сталинизм на Кавказе, М., ISBN 978-5-8243-1435-9։
- ↑ Ибрагимов З. И., Исламов Т. М. Интернационалисты в борьбе за власть Советов в Закавказье // Интернационалисты трудящиеся зарубежных стран-участники борьбы за власть советов. — М.: «Наука», 1971. — Т. 2, часть 2. — С. 211—212.
- ↑ Токаржевский, 1957, էջ 201
- ↑ 5,0 5,1 5,2 Багирова И. С. Политические партии и организации Азербайджана в начале XX века. — Баку: Элм, 1997. — С. 311—312.
- ↑ Баберовски Й. Враг есть везде. Сталинизм на Кавказе. — М.: Российская политическая энциклопедия (РОССПЭН), Фонд «Президентский центр Б.Н. Ельцина», 2010. — С. 229. — ISBN 978-5-8243-1435-9
- ↑ Husejnof T., Aprel İnkı̡labı̡ (Azərbajcanda Зyra hɵqumətinin altı̡ illijinə), Baqı̡։
- ↑ Azərbajcanda Aprel inkilabı̡ (1920-ci il Aprelinin 28-i)։
- ↑ ﺡ. ﺏ. ﻋﻠﻰ ﺍﻛﺒﺮﻟﻰ, آ ﭘﺭﻳﻞ ﺍﻧﻘﻼﺑﯽ :ﻗﻴﺭﻣﻴﺯﻰ ﻋﺴﻜﺭ ﻧﻪ ﺑﻴﻠﻤﻪﻟﻰ ﺩﺭ, ﺑاﮐﻮ։
- ↑ Гусейнов Т., Апрельская революция. К шестой годовщине установления Советской власти в Азербайджане, Баку։
- ↑ Каземзаде Ф., Борьба за Закавказье (1917-1921), Стокгольм։
- ↑ 12,0 12,1 12,2 {{{заглавие}}}.
- ↑ Michael G. Smith Anatomy of a Rumour: Murder Scandal, the Musavat Party and Narratives of the Russian Revolution in Baku, 1917-20 // Joumal of Contemporary History. Vol.36, No.2. (Apr., 2001). — С. 238.
- ↑ Критика фальсификаций национальных отношений в СССР. — М.: Политиздат, 1984. — С. 285.
- ↑ Широкорад А. Б. Великая речная война. 1918–1920 годы. — М.: Вече, 2006.
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedCrit
- ↑ Յորգ Բաբերովսկի, Враг есть везде. Сталинизм на Кавказе, М. էջ 175—176, ISBN 978-5-8243-1435-9։
- ↑ Смит М., Память об утратах и азербайджанское общество, [{{{յղում}}} Азербайджан и Россия: общества и государства] (խմբ. Отв. ред. и сост. Д. Е. Фурман), М. էջ 98, ISBN 5-94381-025-0։
- ↑ Конституционный акт Азербайджанской Республики от 18 октября 1991 года №222-XII О восстановлении государственной независимости Азербайджанской Республики