Jump to content

Իքարիա

Կղզի
Իքարիա
Ικαρία
Իքարիա
Երկիր Յունաստան, Իքարիօ ծով
Շրջան Հիւսիսային Էգէականի կղզիներ
Տարածութիւն 255 քմ²
ԲԾՄ 1041 մ
Բնակչութիւն 8 843 մարդ
Կը գտնուի ափին Էգէական Ծով
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 22750
Փոստային ցուցանիշ 833 xx

Իքարիա (յուն․՝ Ικαρία ), Իքարիօ ծով, Յունաստան։ Կոչուած է նաեւ Նիքարեա, իսկ հնադարին՝ Տոլիհի։

Վարչականօրէն Իքարիան եւ անոր մերձակայ Ֆուրնի կղզիակները կը կազմեն Իքարիային Շրջանային Միաւորը։ Կղզիին տարածութիւնն է 255 քլ², բնակչութեան թիւը 8 843 է եւ բարձրագոյն կէտն է Փրամնոս (1041մ․)։ Մայրաքաղաքն է Այիոս Քիրիքաս եւ կը գտնուի կղզիին հարաւ-արեւելեան ափին, իսկ երկրորդ կարեւոր նաւահանգիստըն է Էվդիլոս։

Կղզին հանրածանօթ է իր Իքարիոթիքոս պարին համար։

Կղզիին բնակիչները Իքարիոթիս կը կոչուին եւ համաշխարհային համբաւ ունին որպէս երկարակեաց, շնորհիւ իրենց միջերկրականեան սնուցման համար։

ՆԱԹՈՒՐԱ 2000 բնապահպանուած շրջանէն տեսարան մը

Ըստ յունական դիցաբանութեան, Կրետէէն փախչելու ատենԻքարիայի ջուրերուն մէջ ինկաւ Իքարոս՝ Տետալոսին եւ Նաւքրաթիին զաւակը, երբ ան արուեստական թեւերով հօրը հետ կը թռչէր։ Այդ օրէն ծովը անոր անունով կը կոչուի՝ Իքարիօ ծով։

Հակիրճ պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կղզին բնակուած է Նոր Քարէ Դարաշրջանէն (Ք․Ա․7000)։ Ք․Ա․750-ին, Միլիթոսէն յոյներ Իքարիա կը հաստատուին եւ կղզին իրենց գաղթօճախը կը դարձնեն։

Իքարիային պատմութիւնը կը հետեւի Ռոտոսի պատմութեան։ Սակայն երբ 1521-ին Իքարիա կը մնայ Օսմանեան Կայսրութեան գերիշխանութեան տակ, ծովահէնութիւնը անսանձ կը դառնայ։ Բնակիչները լեռները կ՛ապաստանին եւ «կ՛անհետանան»։ 1827-ին, Իքարիա կ՛անջատուի Օսմանեան Կայսրութենէն, ու կը ստիպուի ընդունիլ թրքական վարչակարգը մինչեւ 17 Յուլիս 1912՝ երբ կը ծագի Իքարիայի ապստամբութիւնը եւ կղզիէն կը վռնտուի թրքական փոքրաթիւ պահակագունդը։

Իքարիայի Ազատ Պետութեան դրօշը

Իքարիայի Ազատ Պետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

17 Յուլիս 1912-էն մինչեւ Նոյեմբեր 1912-ին, հինգ ամսուան համար Իքարիա կը մնայ անկախ շրջան․ կ՛ունենայ իր բանակը, կնիքն ու օրհներգը։

Էվդիլոս

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, իտալական եւ գերմանական գերիշխանութիւնները կը կործանեն կղզին․ կառոյցները մեծապէս կը վնասուին եւ կղզին կ՛ունենայ բազմաթիւ զոհեր (մի՛այն անօթութենէն 100-է աւելի կը մահանայ)։

1945-1949 կղզին 13 000 համայնավար աքսորեալներ կը պատսպարէ։ Մինչեւ այսօր Իքարիա կը կոչուի նաեւ «Կարմիր Կղզի» կամ «Կարմիր Ժայռ», իր բնակիչներուն ձախակողմեան համոզումներուն համար։

Այիոս Քիրիքաս, իրիկունը

Նորագոյն ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արմենիսթիս գիւղը

Մինչեւ 1960 տեղի կ՛ունենայ մեծ արտագաղթ մը, մասնաւորաբար դէպի Ա․Մ․Ն․-էն։ Անկէ ետք, կեանքի պայմանները կը բարելաւուին երբ յունական կառավարութիւնը կղզիներուն մէջ ենթակառոյցներ կը հիմնէ, որպէսզի զարկ տրուի զբօսաշրջիկութեան։

Էվդիլոս

Կղզիին հարաւ-արեւմտեան մասը՝ 73,66քլ² տարածութեամբ, ՆԱԹՈՒՐԱ 2000 բնապահպանուած շրջան յայտարարտուած է, GR4120005 արձանագրութեամբ։

Տեսարժան վայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իքարիա ունի բազմաթիւ տեսարժան վայրեր․-

  • Նաս, հնադարեան քաղաքը
  • Ինօի․ կղզիին հին մայրաքաղաքը
  • Դրաքանօ․ հին քաղաք, Տիոնիսոսին հայրենիքը, կղզիին արեւելան մասին
  • Թերմա․ հնադարեան քաղաք, ծանօթ իր ջերմուկ ջուրերուն համար
  • Այիոս Քիրիքաս թանգարան
  • Քամպոս թանգարան
  • Էվակելիսթրիա վանք ԺԷ․ դար
  • Աստուածածնի վանք ԺԳ․ դար
  • Խրիսթոս Ռահոն
    Մաւրիանոս վանք, ունի հիանալի վերջալոյս

Մեսահթի, Լիվատի, Նաս, Եալիսքարի, Քամպոս, Փարթենի, Քարաւոսթամօ, Քսիլոսիրթի, Ֆարօ, Սէյհելես, Արիս, Քիոնի, Այ-Եորղիս, եւայլն։

Ջերմուկ ջուրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Թերմա
  • Թերմօ
  • Հլիօ-Թերմօ
  • Մուսթաֆա-Լիծա
  • Փամֆիլի Սփիլէոյի հինգ աղբիւրներ
  • Քրացա
  • Արդեմիտա
  • Ափոլոնոս
  • Քսիլոսիրթի, եւայլն։

Ջերմուկ ջուրերը կապուած են Իքարիային պատմութեան հետ։ Ք․Ա․13-րդ դարէն Ասքլիփիա կոչուած վայրին ջերմուկ ուրերը որպէս բուժման միջոց կ՛գտագործուէին։ Անոնց առաջին դիտարկողը եղած է Իրոտոթոս եւ արձանագրութիւններուն մէջ կղզիին ջերմուկ աղբիւրները նկարագրած է։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]