Նուաղում
Նուաղումը (Fainting), որ կը կոչուի նաեւ ուշագնացութիւն, գիտակցութեան ժամանակաւոր կորուստ է: Անիկա պայմանաւորուած է ուղեղի արեան հոսքի յանկարծակի նուազումով: Պատահարը սովորաբար կը տեւէ քանի մը երկվայրկեան կամ վայրկեան:
Նուաղումի պարագաներուն մեծ մասը մտահոգութեան պատճառ չէ:
Ուշագնացութեան սահմանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նուաղումը կարճ ժամանակով գիտակցութեան կորուստն է: Այդ մէկը պայմանաւորուած է ուղեղի արեան հոսքի յանկարծակի անկումով: Նուաղումէ ետք սովորաբար մարդը կը սթափի եւ կը վերադառնայ իր բնականոն վիճակին:
նուաղումի նախազգուշական նշաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պաղութիւն զգալ մարմինին վրայ,
- գլխապտոյտ ունենալ,
- թեթեւ գլխապտոյտ ունենալ,
- յանկարծակի տաք քրտինք ունենալ,
- սիրտ խառնուք ունենալ,
- ընկճուած կամ անհանգիստ զգալ,
- թուլութիւն զգալ,
- իյնալ,
- գլխացաւ ունենալ,
- տեսողութեան փոփոխութիւններ ունենալ («սեւ» կամ «աստղեր տեսնել»),
- ունենալ ականջներու զրնգոց,
- կորսնցնել մկաններու վերահսկողութիւնը:
Նուաղումի ամէնէն տարածուած պատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սովորաբար նուաղումը լուրջ առողջական խնդիրի նշան չէ, բայց կրնայ նաեւ ըլլալ:
Ուշագնացութեան ամէնէն տարածուած պատճառը արեան ճնշման յանկարծակի անկումն է, որ կը նուազեցնէ արեան հոսքն ու թթուածինը դէպի ուղեղ[1]:
Կան բազմաթիւ պատճառներ արեան ճնշման անկումին, որ կրնայ յանգիլ գիտակցութեան ժամանակաւոր կորուստի:
Սիրտի ուշագնացութիւն. այս տեսակի ուշագնացութիւնը կը ներառէ ուշագնացութիւն` սիրտի խնդիրի պատճառով:
Սիրտի շատ մը հիւանդութիւններ կրնան ազդուիլ դէպի ուղեղ գացող թթուածինի պակասէն:
Քներակ (carotid) սինուսի ուշագնացութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս տեսակի ուշագնացութիւնը կրնայ յառաջանալ, երբ վիզի քնային զարկերակը կը սեղմուի (կը կծկուի): Քներակը արիւնատար անօթ է, որ կը մատակարարէ ուղեղը: Ուշագնացութեան այս տեսակը կրնայ յառաջանալ, երբ մէկը շատ նեղ օձիքով քազակ հագած է, վիզը շատ կը քաշէ կամ կը դարձնէ, կամ վիզին մէջ ունի ոսկոր մը, որ կը սեղմէ զայն:
Իրավիճակային ուշագնացութիւն. որոշ մարմնական շարժումներ կամ գործառոյթներ կրնան բնականաբար յառաջացնել արեան ճնշման անկում, որ կրնայ ի վերջոյ յանգիլ ուշագնացութեան: Այդ մէկը կրնայ ըլլալ, օրինակ, երբ մարդ կը միզէ, կը կղկղէ, կը հազայ կամ սթրեչ (առաձգականուիլ) կ'ընէ:
Անօթաթափառողի ուշագնացութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ասիկա կրնայ յառաջանալ, երբ մարդ սթրեսային իրադարձութիւն մը կ'ապրի, օրինակ` արիւն տեսնելը, յուզական սթրես, ֆիզիքական կամ յուզական հոգեխոց կամ ցաւ: Սթրեսային իրադարձութիւնը կը խթանէ մարմնական ռիֆլեքսը, որ կը կոչուի անօթաթափառողի հակազդեցութիւն: Սիրտը կը դանդաղի եւ աւելի քիչ արիւն կը մղէ, ուստի արեան ճնշումը կը նուազի: Այնուհետեւ ուղեղը բաւարար քանակութեամբ թթուածինով արիւն չի ստանար, եւ մարդը կը նուաղի:
Նուաղման այլ հնարաւոր պատճառներէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Որոշ դեղատեսակները, ինչպիսիք են`
- միզամուղները (diuretics),
- կրածինի (calcium) ալիքներու արգելափակիչները եւ անճիոթենսենը փոխակերպող էնզայմի (ACE) արգելափակողները (յաճախ կ'օգտագործուին արեան գերճնշման պարագային):
- Նիթրաթները (սիրտի հիւանդութեան համար), հոգեբուժական դեղատեսակները, հակահիսթամինները` գերզգայնութեան համար եւ կարգ մը ցաւազերծողներ:
- Չորացումը կամ մարմինի բարձր ջերմաստիճանը:
- Ջղաբանական վիճակ, ինչպիսին է նոպաներու խանգարումը, հակառակ որ այդ մէկը հազուադէպ է:
- Արեան շաքարի կտրուկ անկումը (ինչպէս կրնայ պատահիլ շաքարախտով հիւանդ մարդու մօտ):
Նուաղում պատճառող վարժութիւններէն`
- Չափէն աւելի կերակուր չուտելը:
- Գերօդարկումը (Hyperventilation) (շատ արագ շնչելը):
- Աշխատիլ, խաղալ կամ շատ ծանր ձեւով մարզուիլ` յատկապէս տաք օդին:
- Շատ արագ ոտքի կենալը:
- Ալքոլի, մարիխուանայի կամ անօրինական թմրանիւթերու օգտագործումը:
Նուաղելու պարագային դիմել հետեւեալ միջոցներուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ստուգել, եթէ շնչուղիները բաց են:
- Ստուգել, եթէ անհատը կը շնչէ:
- Ստուգել, եթէ սիրտը կը բաբախէ:
- Անհրաժեշտութեան պարագային շտապ օգնութիւն կանչել:
Երբ մէկը նուաղի, ապա արթննայ`
- Խրախուսել զինք, որ նստի կամ պառկի 10-15 վայրկեան (երբեմն աւելի երկար, մինչեւ՝ ախտանիշներու անհետանալը):
- Ստուգել որեւէ վնասուածք, որ կրնայ բժշկական օգնութեան կարիք ունենալ (օրինակ` գլխու վնասուածք կամ կտրուածք):
- Առաջարկել իրեն նստիլ ուղիղ եւ գլուխը իջեցնել ուսերէն վար` ծունկերուն մէջ:
- Առաջարկել սառ կամ պաղ ջուր[2]:
Նուաղումը կանխարգիլելու միջոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եթէ շատ արագ ոտքի կենալը նուաղում կը պատճառէ, խուսափիլ անկէ` ժամանակ յատկացնելով:
Նուաղումը կանխարգիլելու որոշակի ռազմավարութիւններ`
- բռունցք ընել,
- պրկել ձեռքերը,
- ոտք-ոտքի դնել:
Դիմել Բժիշկի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խօսիլ բուժաշխատողին հետ, եթէ նուաղելէ ետք կան հետեւեալ ախտանիշներէն մէկը.
- Մշուշոտ տեսողութիւն,
- Կրծքավանդակի ցաւ,
- Շփոթ կամ խօսելու դժուարութիւն,
- Անկանոն սիրտի բաբախում[3],
- Վերահսկողութեան կորուստ` միզելու կամ կղկղելու հետ կապուած
- Շնչահեղձութիւն
Բուժաշխատողին տեղեկացնել գիտակցութեան կորուստի մասին, եթէ անհատը
- յղի է,
- ունի շաքարախտ,
- ունի սիրտի կամ արեան ճնշման հարց:
Նուաղումը կամ ուշագնացութիւնը սովորաբար պայմանաւորուած է արեան ճնշման անկմամբ: Բան մը, որ կը նուազեցնէ արեան հոսքն ու թթուածինը դէպի ուղեղ: