Պաքթրիա
Պաքթրիա, պատմական երկիր Ամուտարյա գետի միջին եւ վերին հոսանքներուն։ Ընդգրկուեր է ներկայիս Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի հարաւային, Աֆղանիստանի հիւսիսային շրջանները։ Ք.Ա. 1-ին հազարամեակի 1-ին կիսուն եղեր է զարգացած երկրագործական մշակոյթ ունեցող վաղ ստրկատիրական պետութիւն՝ Պաքթրիա կեդրոնով։ Մ.թ.ա. VI-IV դդ. իբրեւ առանձին կուսակալութիւն մտեր է Աքեմենեան պետութեան մէջ։
Մինչեւ Ք.Ա.. III դ. կէսը ենթարկուեր է յունա-մակեդոնական տիրապետութեան։ Ք.Ա. մօտ 250 թուականին Եփարքոս Տիոտոթոս I-ը, օգտուելով Սելեւկեան պետութեան թուլացումէն, Պաքթրիան հռչակեր է անկախ թագաւորութիւն, ուր իշխեր են հելլէնները եւ տեղացի հելլէնացած վերնախաւերը։
Տիոտոթոս թագաւորը եւ յաջորդները նուաճած են Սողդը, Մարզիանան։ Ք.Ա. մօտ 175 թուականին Յունա-Պաքթրիական այդ թագաւորութեան կարեւոր մասը առանձնացեր է՝ կազմելով Յունա-Հնդկական թագաւորութիւն։ Ք.Ա. 140-130 թուականներուն միջինասիական ժողովուրդներու հակա-յունական շարժումներու, ինչպէս նաեւ թոխարներու եւ վաչկատուն այլ ցեղերու ներխուժումներու պատճառով Պաքթրիայի թագաւորութիւնը վերացեր է եւ ատոր տարածքին առաջացեր է Քուշանական թագաւորութիւնը։
Յունա-Պաքթրիական թագաւորութեան ժամանակ աւելի խորացեր են ստրկատիրական յարաբերութիւնները, զարգացեր եւ քաղաքներն ու արհեստները։ Միջազգային առեւտրական ճանապարհներով սերտ կապեր ունեցեր են Հնդկաստանի, Չինաստանի, Իրանի, Հայաստանի հետ։ Պաքթրիայէն պեղուած նիւթերը կը կրեն յունական մշակոյթի ազդեցութիւն։